Լիվըրփուլին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Տիոկօ Ժոթա վերսկսաւ իր փորձերուն` ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
24 տարեկան փորթուգալցին 2,5 ամիսէ ի վեր բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան վնասուածք ստացաւ 9 դեկտեմբեր 2020-ին, դանիական Միթիուլենտի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբային` 6-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
Նշենք, որ ան նախորդ հոկտեմբերին եւ նոյեմբերին ճանչցուած էր Լիվըրփուլի լաւագոյն խաղացողը: