Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») Ա. հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Էլչէն, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լիոնել Մեսսի տուպլէ մը իրագործեց (48-րդ եւ 68-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Եորտի Ալպա (73-րդ):
Այսպիսով, Մեսսի, որ յաջորդաբար 7-րդ մրցումն ըլալով կոլ նշանակեց, 18 կոլով կը գրաւէ ռմբաձիգներու դասաւորման առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքին վրայ է Լուիս Սուարեզ (Աթլեթիքօ Մատրիտ), որ նշանակած է 16 կոլ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 50 կէտ եւ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը (24 մրցում): Առաջին դիրքին վրայ է Աթլեթիքօ Մատրիտ (23 մրցում, 55 կէտ), իսկ 2-րդ դիրքին վրայ է Ռէալ Մատրիտ (24 մրցում, 52 կէտ): Էլչէ 21 կէտով կը գրաւէ նախավերջին դիրքը:
Նշենք, որ Պարսելոնա-Էլչէ մրցումէն ետք, հիւր կազմի բերդապահ Էտկար Պատիա փափաքեցաւ իր մարզաշապիկը փոխանակել Լիոնել Մեսսիի հետ: Պարսելոնայի մէջ ծնած 29 տարեկան բերդապահին զարմանքը մեծ եղաւ, երբ Մեսսի իր կարգին փափաքեցաւ ունենալ անոր մարզաշապիկը: