Երէկ Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի 2021 տարուան աղջկանց բարձրագոյն դասակարգի 76-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով` Հայաստանի աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Սուսաննա Գաբոյեան: Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց Մարիամ Մկրտչեան, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մարիա Գէորգեան:
Նշենք, որ տղոց 81-րդ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 2 հանգրուան:
Յառաջատարն է Յովհաննէս Գաբուզեան, որ ապահոված է 7,5 կէտ: