Ամերիկացի անուանի կոլֆ խաղացող Թայկըր Վուտծ երէկ ինքնաշարժի մեծ արկած մը ունեցաւ, այս մասին յայտնեց «ՍԻ. ՊԻ. ԷՍ. Նիուզ»-ը:
Նշուեցաւ, որ 45 տարեկան կոլֆ խաղացողին արագօրէն սուրացող ինքնաշարժը, Լոս Անճելըսի մէջ դուրս գալով մայրուղիէն, գլտորուած է վար: Ան մահէ փրկուած է ինքնաշարժին օդապարկին («էր պեկ») պատճառով:
Ան անմիջապէս տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկը փոխադրուելով վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:
Նշուեցաւ, որ կոլֆի «Մէյճըր» մրցաշարքերու 15-ակի ախոյեանը ունեցած է ոտքի եւ այլ կոտրուածքներ: