Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, քաթալոնական Պարսելոնան, որ հիւրը եղաւ Սեւիլլային, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի Ուսման Տեմպելէ (29-րդ) եւ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (86-րդ):
33 տարեկան Մեսսի, որ նաեւ նշանակուած առաջին կոլին էսիսթը կատարեց, այսպիսով 2021 տարուան ընթացքին 14 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ, ինչ որ լաւագոյն արդիւնքը կը նկատուի եւրոպական հինգ առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա բարձրացաւ երկրորդ դիրք` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով երրորդ դիրք նահանջած Ռէալ Մատրիտը, որ այսօր` երկուշաբթի, 1 մարտին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը: