Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, առաջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը յաղթանակներով աւարտեցին իրենց կատարած ճակատումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Քէօլնը, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի, որ տուպլէ մը իրագործեց (33-րդ եւ 65-րդ), դարձաւ ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբաձիգը` 28 կոլով:
Անոր խմբակից Սերժ Կնապրի իր կարգին տուպլէ մը իրագործեց (82-րդ եւ 86րդ) այս մրցումին:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ, 3-2 արդիւնքով, հակառակ անոր որ անիկա Ա. կիսախաղին 20 արդիւնքով կը պարտուէր իր հիւրէն` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն:
Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Արմինիա Պիլըֆելտին: