Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, իրարու դէմ մրցեցան Արարատ-Երեւան եւ Արարատ-Արմենիա:
Չարենցաւանի քաղաքային մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին յաղթական դուրս եկաւ Արարատ-Երեւան` 1-0 արդիւնքով: Սերպ միջնապահ Տմիթրի Փոպուիլիչ 72-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ-Երեւան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 24 կէտ: 21-ական կէտ ունին Արարատ-Արմենիա (2-րդ) եւ Ալաշկերտ (3-րդ):