Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը սկսաւ պատրաստուելու Վրաստանի դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2022-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 մարտին` Թիֆլիսի մէջ, իսկ դարձի մրցումը 10 մարտին` Երեւանի մէջ:
Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցաշարքին զտումի առաջին երկու մրցումներուն, հայրենի կազմը առաջինին պարտուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան Ռուսիայէն (6-0), ապա հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆրանսայի հետ (4-4):