Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ակումբին պատմութեան մէջ հաստատեց նոր մրցանիշ մը:
50 տարեկան մարզիչին համար այս յաղթանակը եղաւ 309-րդը (514 մրցումի ընթացքին)` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն գծով:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Լուիս Արակոնեսի. 308 յաղթանակ` 612 մրցումի ընթացքին: