Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ժորժէ Մենտես նախորդ ամրան ընթացքին փորձած էր զայն տեղափոխել այլ ակումբ մը:
«Քալչիոմերքաթօ» յայտնեց, որ ան բանակցած է Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, որոնք սակայն չեն ուզած իրենց կազմին միացնել փորթուգալցի ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Եուվենթուս պիտի ծախէ իր ֆութպոլիստը, որովհետեւ 36 տարեկան Ռոնալտօ կը պահանջէ աւելի բարձր աշխատավարձ: Անոր այժմու տարեկան աշխատավարձը 31 միլիոն եւրօ է:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան շատ հաւանաբար վերադառնայ Սփորթինկ Լիզպոն (Փորթուգալ):