Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մեծ ակնկալութիւն ունի 18-21 մարտին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունենալիք վարկանշային մրցաշարքէն:
Ըստ Կուրղինեանի, Հայաստան ամէն գնով պէտք է ողիմպիականի 4 ուղեգիր նուաճէ:
Վերոնշեալ մրցաշարքին պիտի մասնակցին Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ):