Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ճափոնի եւ միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնները միասնաբար որոշեցին ջնջել Թոքիոյի մէջ նախատեսուած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը:
Նշենք, որ 4 մայիսին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը վարկանշային էր, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով չեղեալ նկատուեցան նաեւ գերմանական Շթութկարթ եւ անգլիական Պիրմինկհեմ քաղաքներուն մէջ կատարուելիք բաժակի զտումի մրցաշարքերը:
Նշենք, որ ցարդ յստակացած են ողիմպիական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերող 98 մարմնամարզիկներէն 86-ին անունները:
Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արթուր Դաւթեան: