Շաբաթ, 13 մարտին կը սկսի «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր» արագ ճատրակ միջազգային մրցաշարքը:
Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը:
Նախնական հանգրուանին մասնակցողները առաջին երեք օրուան ընթացքին կը կատարեն 5-ական մրցում:
1-16-րդ հանգրուան հասնողները կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ Լեւոն Արոնեան իր առաջին մրցաշարքին կը մասնակցի Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս գալէ հրաժարելէն ետք:
Սակայն այս մրցաշարքին ան ցարդ պիտի չներկայացնէ Միացեալ Նահանգները եւ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի դրօշին տակ: