Երեւանի մէջ պիտի ստեղծուի ճատրակի բարձրագոյն վարպետութեան մարզադպրոց, այս մասին յայտնեց Երեւանի Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:
«Ուրախութեամբ կը յատնենք, որ Երեւանի ճատրակի բարձրագոյն վարպետութեան մարզադպրոցի նախագիծը արժանացաւ Երեւանի աւագանիի յանձնախումբի դրական եզրակացութեան:
«Ճատրակի զարգացման եւ նոր մակարդակի փոխադրման մեր աշխատանքներուն մէջ, վստահ եմ, որ այս մարզադպրոցը անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենայ», այս մասին յայտնեց Հայրապետեան, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահն է:
16 մարտին Երեւանի աւագանիի հերթական նիստին ընթացքին մարզադպրոցին նախագիծը պիտի ըլլայ օրակարգային: