«ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Գարեգին Մաշումեան եւ Տենիս Նեւետրով:
Հայաստան, որ այսպիսով կատարեց իր 4-րդ հանդիպումը, այժմ կէտով մը միայն կը գրաւէ Բ. խմբակին վերջին դիրքը` իր արձանագրած միակ հաւասարութենէն եւ կրած 3 պարտութիւններէն ետք:
Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան: