Այսօր` հինգշաբթի, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմա- Շախտիոր Տոնեցք ճակատումը:
Հռոմի մէջ կատարուելիք այս մրցումը յիշատակելի պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ հիւրընկալ կազմի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի համար, որ պիտի մրցի իր նախկին ակումբին դէմ: Ան ուքրանական ակումբին հետ ելոյթ ունեցած է 2010-2013 ժամանակամիջոցին:
«ԵՈՒ. Է. Էֆ. Ա. »-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ 41 տարեկան Արթուր Տիաս:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: