Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
«Կ՛ուզեմ կազմակերպիչներուն շնորհակալութիւն յայտնել հրաւէրին համար: Թէեւ շատ կը փափաքէի անոր մասնակցիլ, սակայն ֆիզիքապէս պատրաստ չեմ զգար որեւէ մրցաշարքի մասնակցելու», ըսաւ 34 տարեկան սպանացին:
Տուպայի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15-21 մարտին:
Նշենք, որ վերջերս Նատալ հրաժարեցաւ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերել Ռոթերտամի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 1-7 մարտին: