Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 137-րդ համագումարին ընթացքին Թոմաս Պախ վերընտրուեցաւ կոմիտէի նախագահ:
67 տարեկան գերմանացին այդ պաշտօնին համար ներկայացած միակ թեկնածուն էր, այս գծով յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Ընտրութեան ընթացքին ան ստացաւ 93 թեր եւ 1 դէմ ձայներ:
Այսպիսով, ան պիտի շարունակէ իր պաշտօնին վրայ մնալ մինչեւ 2025:
Ան սեպտեմբեր 2013-ին ստանձնեց նախագահի իր պաշտօնը` փոխարինելով պելճիքացի Ժաք Ռոկէն:
Նշենք, որ Պախ 1976-ի ողիմպիականի խաղերուն հանդիսացած է սուսերամարտի ախոյեան:



