Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան Օլիմփիաքոս-Արսենալ մրցումին իրաւարարներու տեսուչ նշանակուեցաւ Հայաստանէն Կարէն Նալբանդեան:
Նշենք, որ Նալբանդեան առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի կարեւոր մրցումի մը տեսուչ կը նշանակուի: Ան այլ առիթներով ալ եղած է տեսուչ` նկատի ունենալով, որ անոր ունեցած փորձառութիւնը միշտ ալ պատճառ կը դառնայ, որ ան նկատի առնուի «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ: