Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ռիկայի միջնապահ Էտկար Բաբայեան նախորդ շաբաթավերջին կոլով մը նշեց իր նորամուտը Լաթվիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Արդարեւ, Լաթվիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, անոր կազմը, որ հիւրը եղաւ Վենթսփիլսի, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայրենի 25 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումին 88-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը:
Նշենք, որ Ռիկա երկրին գործող ախոյեանն է:



