Հայաստանի պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վճռորոշ մրցումին, Վահագնի Սիթի 87-80 արդիւնքով յաղթելէ ետք Դուինին, հանդիսացաւ 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան:
Նշուեցաւ, որ տարեշրջանի լաւագոյն հայ պասքեթպոլ խաղացողը ճանչցուեցաւ Թադէ Քէշիշեան:
20 տարեկանէն վար լաւագոյն մրցանակի տիտղոսին տիրացաւ Դաւիթ Քարամեան, իսկ տարուան լաւագոյն մարզիչը հանդիսացաւ` Տիգրան Կէօքճեան (Դուին):



