Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ դարձաւ կոլի հեղինակ` Վերտըր Պրեմընի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (3-1):
Այդ կոլին շնորհիւ ան իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը հասցուց 268-ի եւ այժմ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը` հաւասարելով Քլաուս Ֆիշըրին:
Նշենք, որ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Կերթ Միւլըր, որ 1964-1979-ին Պայէրն Միւնիխի հետ նշանակեց 365 կոլ:
Իր արձանագրած վերջին յաղթանակէն ետք, Պայէրն այսպիսով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (58 կէտով)` չորս կէտով գերազանցելով իր անմիջական մրցակիցը` Լայփցիկը, որ այս հանգրուանին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին հետ:



