«Քալչիօ մերքաթօ» կը հաղորդէ, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի բաւական մօտէն հետաքրքրուած են իտալական Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմող իտալացի 24 տարեկան յետսապահ Ճիանլուքա Մանչինիով: Անոնք կը փորձեն անոր այս փոխանցումը իրականացնել այս ամառ, երբ տեղի ունենան մարզիկներու փոխանցումները:
Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը անոր փոխանցման հարցը պիտի քննարկէ, եթէ 30 միլիոն եւրոյէն աւելի բարձր առաջարկներ ստանայ:
Ան ընթացիկ տարեշրջանին իր ակումբին հետ ցարդ կատարած է 27 մրցում, նշանակած` 5 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:



