Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2022 երկարաձգեց 33 տարեկան արժանթինցի իր միջնապահին` Անխել Տի Մարիայի հետ:
Նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նշենք, որ Տի Մարիա 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ մայրաքաղաքի խումբին:
Ան մաս կազմած է նաեւ այլ ակումբներու, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Ռէալ Մատրիտ եւ ուրիշներ:
Ներկայ դրութեամբ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 28 միլիոն եւրոյով: