Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Արզի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի սնոպորտի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան տարբեր ակումբներու մաս կազմող երկսեռ մարզիկներ:
Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Նաֆեզ Թոք, կրտսերներու ախոյեան` Ղատի Աուն, իսկ աղջկանց ախոյեան` Իկեթ Ֆախրի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



