Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թալալ Մաքտեսի» հաստատութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը հովանաւորողը: Ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 26 մարտին:
Նշուեցաւ, որ ախոյեանութիւնը պիտի կոչուի «Լիբանանի պասքեթպոլի «Թալալ Մաքտես»-ի հաստատութիւն անունով` նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի հոգայ ամբողջ տարեշրջանին ծախսերը:
Այս որոշումը պիտի պաշտօնականացուի վաղը` երեքշաբթի, 16 մարտին, երբ երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուի այս համաձայնագիրը:



