Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի գործող բաժակակիրը` Նոա, իր դաշտէն դուրս կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուրարտուին:
Նոային նոր միացած Պետրոս Աւետիսեան 24-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը: Այդ կոլէն վայրկեան մը ետք միայն, արդիւնքը արդէն իսկ վերածուած էր 2-0-ի:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը (մնացեալ մրցումներուն նման) տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ապրիլի սկիզբը:
Հայաստանի գործող ախոյեանը` Արարատ-Արմենիա, Չարենցաւանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վանին: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 73-րդ վայրկեանին:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երկու մրցումներուն, Արարատ-Երեւան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ա. դասակարգին մաս կազմող Արեւմտեան Հայաստանէն, մինչ վերջին մրցումին, Ալաշկերտ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Երեւանի բանակայիններու կազմին դէմ:



