Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ երկու արժէքաւոր կէտ կորսնցուց, երբ Կեթաֆէի դաշտին վրայ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 63 կէտ:
Մատրիտեան քաղաքի երկրորդ խումբը` Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Էլչէն, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (73-րդ եւ 90+1-րդ):
Ապահովելով յաւելեալ երեք կէտ` Ռէալ Մատրիտ այսպիսով շրջանցեց Պարսելոնան` ունենալէ ետք 57 կէտ:
Քաթալոնական Պարսելոնան, որ այժմ ունի 56 կէտ, իր մրցումը պիտի կատարէ այսօր` երկուշաբթի, հիւրընկալելով Հուեսքան: