Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանսական Մարսէյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի մը քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին կրեց անակնկալ պարտութիւն մը աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 287-րդ դասուած աւստրալիացի Մեթիու Էտպենէն:
33 տարեկան Էտպեն 21-րդ դասուած Խաչանովի դէմ արձանագրեց 4-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 334 հազար եւրօ: