Սպանական մարզական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին` նշելով, որ Ժորժէ Մենտես, որ անոր փոխանցումներով կը զբաղի, արդէն իսկ կապի մէջ մտած է անոր նախկին ակումբին` Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուներուն հետ:
Նոյնիսկ նշուեցաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, 36 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի վերամիանայ արքայական ակումբին:
Իսկ իտալական մամուլին համաձայն, եթէ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանը` Եուվենթուս, անոր փոխանցման դիմաց ստանայ 60 միլիոն եւրօ, առանց տատամսելու պիտի ընդունի անոր հեռացման առաջարկը, որովհետեւ ան կը պահանջէ բաւական բարձր աշխատավարձ:
Նշենք, որ Եուվէի հետ Ռոնալտոյի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի ամառ:
Ան այժմու իր ակումբին հետ ցարդ կատարած է 121 մրցում` նշանակելով 92 կոլ եւ կատարելով 22 էսիսթ:



