66 տարեկան հասակին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ անցեալի կռփամարտի միջին քաշային կարգի բացարձակ ախոյեան Մարվին Հեկլըր:
Անոր մահուան լուրը հաղորդողը համդիսացաւ անոր կինը` Նիւ Հեմփշայրի մէջ գտնուող մէկ հիւանդանոցէն, ուր մահացած էր կռփամարտիկը:
Հեկլըր շնչառական խնդիրներու եւ կրծքավանդակին զգացած զօրաւոր ցաւերու պատճառով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր 4 ժամ ետք մահացած էր:
Ան կռփամարտի պատմութեան միջին քաշային կարգի լաւագոյն մարտիկներէն մէկն է: 1980-1987 թուականներուն, ան եղած է «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան, 1980-1987 տարիներուն` «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի, իսկ 1983-1987 տարիներուն` «ԱՅ. ՊԻ. ԷՖ.»-ի ախոյեան:
Նշենք, որ «Տը Ռինկ» ամսագիրին վարկածով, ամերիկացին 1983-ին եւ 1985-ին ճանչցուած է տարուան լաւագոյն մարտիկ:



