«Պունտըսլիկա». Պայէրն Չյաղթեց Միւնիխի Մէջ. Լայփցիկ Եւ Տորթմունտ` Յաղթական
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը եւ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գրաւող Պայէրն Միւնիխ չկրցաւ իր դաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրել եւ Իւնիոն Պերլինի հետ իր ճակատումը աւարտեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Պայէրն իր կոլը նշանակեց 68-րդ վայրկեանին, մինչ հիւր կազմը իր հաւասարութեան կոլը` 86-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պայէրն այժմ...



















