Անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէա հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել յառաջիկայ ամրան ընթացքին տեղի ունենալիք Թոքիոյի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Օրաթերթը յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէայի ողիմպիական կոմիտէն ողիմպիական խաղերուն չմասնակցելու որոշումը տուած էր նախորդ 25 մարտին, սակայն անոր մասին միջազգային մամուլը տեղեկացուց երկուշաբթի, 5 ապրիլին:
Նշուեցաւ, որ Հիւսիսային Քորէա այս որոշումին յանգեցաւ, որպէսզի իր երկրին մարզիկները «Քորոնա» Ժահրով չվարակուին:
Մէկ տարիով յետաձգուած Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը պիտի կատարուին 24 յուլիսէն` 9 օգոստոս:
Մրցումները պիտի կատարուին առանց օտար համակիրներու ներկայութեան: Անոնց մուտքը Ճափոն պիտի արգիլուի: