Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի Հայաստան-Լիբանան մրցումը յետաձգուեցաւ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այսօր` չորեքշաբթի 7 ապրիլին կը սկսի «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Ախոյեանութեան բացման մրցումին Հայաստան պէտք էր մրցէր Լիբանանի դէմ:
Սակայն վիզաներու հետ կապուած խնդիրներու պատճառով լիբանանեան պատուիրակութեան Երեւան ժամանումը յետաձգուեցաւ:
Այս պատճառով յետաձգուեցաւ Հայաստան-Լիբանան մրցումը, որ պիտի կատարուի հինգշաբթի, 8 ապրիլին, Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ, ժամը 13:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):