Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՖԱ) մէկ յանձնախումբը երէկ իր հրապարակած մէկ որոշումին մէջ կասեցուց Չատի եւ Փաքիստանի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն գործունէութիւնը:
Չատի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործունէութեան կասեցումը կը բխի երկրին իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպութեան լիազօրութիւնները ընդմիշտ չեղեալ համարելու, ժամանակաւոր ֆութպոլի ազգային կոմիտէ ստեղծելու եւ ֆետերասիոնին գրասենեակները միշտ իր հսկողութեան տակ պահելու հանգամանքներէն:
Ինչ կը վերաբերի Փաքիստանի, անոր ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործունէութիւնը կը կասեցուի երրորդ կողմի միջամտութեան պատճառով (ՖԻՖԱ-ի կանոնագրութեան խախտում):
Նշուեցաւ, որ ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին գրաւուած է խումբ մը ցուցարարներու կողմէ: