Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ հինգ մարզիկով:
Ախոյեանութեան մասնակցող հինգ մարզիկներն են` Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Հայրենի կազմին գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Սերոբեան:
Հաւաքականը մրցասպարէզ պիտի մեկնի 18 ապրիլին եւ հայրենիք պիտի վերադառնայ 26 ապրիլին:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զուիցերիոյ մէջ: