Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ պայքարը` տիտղոսի տիրանալու համար, նոր թափ մը ստացաւ:
Արդարեւ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտի կրած պարտութիւնը եւ Պարսելոնայի ու Ռէալ Մատրիտի արձանագրած յաղթանակները վտանգեցին առաջինին դիրքը:
Այս հանգրուանէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ այժմ ունի 66 կէտ, Պարսելոնա` 65 կէտ, իսկ Ռէալ Մատրիտ` 63 կէտ:
Պարսելոնա իր հիւրին` Ռէալ Վայատոլիտի դէմ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին, ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Այստեղ նշենք, որ հիւր կազմին մաս կազմող Օսքար Փլանօ 79-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սեւիլլայի դաշտին վրայ, մինչ Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Էյպարին: