– Լիթուանիա Յաղթեց Յորդանանի`
Բացման Մրցումին
– Այսօր` Հայաստան-Լիբանան
Երէկ Հայաստանի մէջ սկսաւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Չարենցաւանի մէջ, իրարու դէմ մրցեցան Լիթուանիոյ եւ Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբերը:
65-րդ վայրկեանին Ուկնէ Լազտաուքայթէի նշանակած կոլին շնորհիւ Լիթուանիա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր տեղի ունենալիք Հայաստան-Լիբանան բացման մրցումը, որ յետաձգուեցաւ, նոր յայտագիրով պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 8 ապրիլին, Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ, ժամը 13:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):