Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութիւնը` վաղուան մրցումին, կը յստականայ այսօր, երբ անոր ակումբին կողմէ հրապարակուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը:
«Եուրոփա Լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հռոմեան կազմը վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Այաքս Ամսթերտամին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երէկ եւս Մխիթարեան իր փորձերը կատարեց առանձին: