Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի մաս կազմող երկու անդամներ դարձան ախոյեան` Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին:
69 քկ դասակարգին մէջ, Գուրգէն Մադոյեան աւարտականին յաղթեց ուքրանացի Եարոսլաւ Շամաֆանովին, իսկ Արման Դարչինեան իր յաղթանակը արձանագրեց Ուքրանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկ Լիպարիտ Ուստեանի դէմ:
52 քկ դասակարգին մէջ, Կորիւն Սողոմոնեան վնասուածքի պատճառով աւարտական հանգրուանի մրցումին չմասնակցեցաւ եւ բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:
Արծաթ մետալի տիրացան նաեւ Արթուր Ղազարեան (57 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռ):
Իսկ հայրենի հինգ կռփամարտիկներ արժանացան պրոնզ մետալներու: