Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճերու հաւաքականները սկսան նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը:
Ազատ ոճի հաւաքականը, որ նախորդ 4 ապրիլին Օլիմփիաւանի մէջ սկսաւ իր հաւաքին, զայն կ՛աւարտէ 17 ապրիլին:
Իսկ նոյն վայրին մէջ, 7-21 ապրիլին յունահռոմէական ոճի ըմբիշները կը կատարեն իրենց հաւաքը:
Նշուեցաւ, որ ըմբիշները ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովելու համար կարելիութիւն մը եւս պիտի ունենան, երբ Պուլկարիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային վարկանշային մրցաշարք մը: Անիկա նախատեսուած է յառաջիկայ մայիսին:
Հայաստանի ըմբիշներէն ցարդ ողիմպիական խաղերու իրենց տոմսերը ապահոված են Արթուր Ալեքսանեան, Կարապետ Չալեան, Վազգէն Թեւանեան եւ Արսէն Յարութիւնեան: