Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի մօտ է Պոքա Ժունիորզ տեղափոխուելու, այս մասին յայտնեց «Ի. ԷՍ. ՓԻ. Էն.»-ը:
Այս ուղղութեամբ 34 տարեկան ֆութպոլիստին հետ ուղղակիօրէն կը բանակցի արժանթինեան ակումբին փոխնախագահը` Խուան Ռոման Ռիքուելմէ:
Նշենք, որ Քաւանիի գործող պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, սակայն այդ պայմանագիրը տարիով մը երկարաձգելու հաւանականութիւն կայ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 19 մրցումի` նշանակելով 6 կոլ: