Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ, 81 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Ռաֆիկ Յարութիւնեան, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան հանդիսացաւ Բ. խմբակի ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 346 քկ (196 եւ 150) արդիւնք մը:
Հայրենի 21 տարեկան ծանրաբարձը նաեւ երիտասարդական ախոյեանութեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` առաջին փորձին ընթացքին արձանագրելով 196 քկ արդիւնք մը:
Այստեղ պէտք է նշել, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար: