Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 9 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց
Երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ վերջերս իր կատարած երեք մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրեց, նոր դասաւորման մէջ մեծ ոստում մը արձանագրեց եւ 99-րդ դիրքէն բարձրացաւ… 90-րդ դիրք:
Հայրենի կազմը, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 1273 կէտ, այսպիսով Եւրոպայի գօտիին մէջ մեծագոյն ոստում արձանագրած խումբը հանդիսացաւ:
Լիբանան դիրք մը նահանջելով այժմ 1256 կէտով կը գրաւէ 93-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պելճիքա (1783), մինչ անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Ֆրանսա (1757) եւ Պրազիլ (1742):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական