Անգլիական «Տը Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն աշխատանք կը տանի, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը ամէն գնով կայացնելու… համակիրներու ներկայութեան:
Լեհաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկումներէն ետք, կ՛ենթադրուի, որ աւարտական մրցումին արտօնուի շուրջ տասը հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը:
Նշուեցաւ, որ այս գծով վերոնշեալ կազմակերպութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ վաղը` ուրբաթ, 30 ապրիլին:
Այս մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Կտանսքի մէջ (Լեհաստան), 26 մայիսին: