Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ:
Այս մրցումը, որ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 59-43 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի կազմին համար հանդիսացաւ տարեշրջանի առաջինը: