Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին նախարարութեան շէնքին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխը:
Անոնք քննարկեցին լիբանանեան մարզական կեանքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ այս հանդիպումը նկատեցին կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ասով փաստուեցաւ նախարարութեան եւ ողիմպիական կոմիտէին միջեւ եղող փոխյարաբերութեան ամուր կապը, որ պիտի շարունակէ գոյատեւել յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին:



