Գերմանական Լայփցիկի գլխաւոր մարզիչ Ժուլիան Նակելսման, այս տարեշրջանին աւարտին պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ Պայէրն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով Հանս Տիեթըր Ֆլիքը: Վերջինս, որ պիտի հեռանայ Պայէրնէն, շատ հաւանաբար է, նշանակուի Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան գերմանացի Նակելսման Գերմանիոյ գործող ախոյեանին հետ պիտի ստորագրէ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 25 միլիոն եւրոյի:
Ան Լայփցիկէն առաջ Հոֆընհայմի մարզիչն էր: