«Քալչիօ մերքաթօ» կը յայտնէ, որ Ա. Էս. Ռոմայի այժմու գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնսեքայի յաջորդ ակումբը կրնայ ըլլալ Արսենալը:
Նշուեցաւ, որ այնպէս կը թուի, որ այս տարեշրջանի աւարտին ան պիտի հեռանայ հռոմեան ակումբէն:
Փորթուգալցիով այժմ շատ մօտէն հետաքրքրուած է լոնտոնեան ակումբը:
Կը խօսուի նաեւ ռուսական Սպարտակ Մոսկուայի մասին: