Ղազախստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա, որուն կազմին մէջ հանդէս կու գան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Վարազդատ Հարոյեանն ու Տիգրան Բարսեղեանը, հիւրընկալեց Աքժայիքը:
Հայրենի երկու ֆութպոլիստներն ալ ամբողջ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Մրցումը վերջ գտաւ Ասթանայի յաղթանակով. անիկա նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` շնորհիւ 6-րդ վայրկեանին միջնապահ Բարսեղեանի նշանակած կոլին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ասթանա 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: